ՍկզբնաէջըՎատիկանի
  Ձայնասփիւռ
Վատիկանի
  Ձայնասփիւռ  

Դասակարգումներ

  Սէր եւ զօրութիւն


  Եկեղեցի


  Մշակոյթ եւ    ընկերութիւն


  Վատիկանեան
   վաւերագրեր



  Համամիութիւն


  Սիւնոդոս


  Ընտանիք


  Երիտասարդներ


  Արդարութիւն եւ    խաղաղութիւն


  Քաղաքականութիւն


  Կրօնք եւ երկխօսութիւն


  Գիտութիւն եւ    բարոյագիտութիւն


  Ունկնդրութիւն եւ    «Հրեշտակ Տեառն»


  Առաքելական    ճամբորդութիւններ



cx_t07


 Սկզբնաէջը > Մշակոյթ եւ ընկերակցութիըն  > լուրեր


07/11/2009 14.46.03



Լուրեր հայկական կեանքէն






Երեւանի հիմնահարցերուն նուիրուած գիտաժողով։

Երեւանի Պատմութեան թանգարանին մէջ, 4-6 Նոյեմբեր 2009, տեղի ունեցած է մայրաքաղաքի հիմնահարցերուն նուիրուած երկօրեայ գիտաժողով մը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են մասնագէտներ՝ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիոյ Հնագիտութեան եւ Ազգագրութեան հիմնարկէն, Երեւանի Պետական Համալսարանէն ու Գիւմրիի Հայագիտական Կեդրոնէն, ինչպէս նաեւ զանազան թանգարաններէ աշխատողներ։ Ելոյթները ոչ միայն Երեւանի ներկայի հիմնախնդիրներու շուրջ էին այլեւ քաղաքի պատմութեան չբացայայտուած էջերուն։ Իր տեսակին մէջ սոյն հաւաքը երկրորդն է որուն առաջինը կայացած էր 2006-ին։ Այս առթիւ Թանգարանը կազմակերպած էր նկարներու ցուցահանդէս մը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ 64 նկարիչներ որոնք իրենց աշխատանքներէն նմոյշներ նուիրած էին Պատմութեան Թանգարանին(կը հաղորդէ ժամանակ օրաթերթը)։



Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշան Թմբուկի մեծ վարպետ հայազգի Սեդրակ Սարգիսեանին։

Արեւելեան երաժշտութեան հիմք հանդիսացող՝ թմբուկի հանրածանօթ վարպետ Սեդրակ Սարգիսեանի ի պատիւ ուրբաթ, 6 նոյեմբեր 2009-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի Կիլիկիա թանգարանի Կիւլպենկեան սրահին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան մը ընթացքին Արամ Ա կաթողիկոս իր հայրապետական գնահատանքը արտայայտեց վարպետին, յայտնելով որ անոր տաղանդը մեծապէս բարձր գնահատուած է ամբողջ Միջին Արեւելքի ու յատկապէս արաբական երաժշտութեան մէջ։ Այս առթիւ, առ ի գնահատանք Սեդրակ Սարգիսեանի տարիներու վաստակին եւ ներդրումին՝ երաժշտական կալուածին մէջ, վեհափառը Ս Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշանով պարգեւատրեց արուեստագէտը՝ իրեն հիացող ներկայ հանդիսականներու ջերմ ծափողջոյններուն խանդավառ մթնոլորտին մէջ։ Վեհափառը յատկապէս ըսաւ, թէ Սեդրակ Սարգիսեան իր արուեստին ճամբով Լիբանանը տարաւ իրեն հետ, ո՛ւր որ ալ գնաց։ Ան նմանցուց զինք լիբանանցի դեսպանի, որ իր արուեստին ճամբով իր երկրին արժէքները կը ծանօթացնէ օտար աշխարհին։



Աշխարահռչակ ճազի երաժիշտ Ճորճ Պենսոնի ելոյթը Երեւանի մէջ։

Աշխարհահռչակ երաժիշտ Ճորճ Պենսոն, որ ճազ երաժշտութեան բնագաւառին մէջ հռչակաւոր է իբրեւ կիթառահար, նաեւ անուանի է փոփ երաժշտութեան սեռին մէջ, նոյեմբեր 12-ին մէկ ելոյթով հանդէս պիտի գայ Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ։ Նշենք, որ համերգը կը կազմակերպուի Հայաստանի նախագահին հովանիին տակ, ինչպէս նաեւ՝ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ։

Ճորճ Պենսոն ծնած է 1 մարտ 1943-ին, Միացեալ Նահանգներու Փենսիլվանիա նահանգի Փիցպուրկ քաղաքը։ Արդէն 8 տարեկանէն սկսած է նուագել գիշերային զբօսավայրերու մէջ եւ 10 տարեկանին սկսած է ձայնագրութիւններ կատարելու ԱրՍիԷյ ընկերութեան համար։ 1960-ին Պենսոն կազմած է իր ռոքի խումբը, սակայն մէկ տարի ետք ճազի երաժիշտներու՝ կիթառահար Չարլի Քրիսչենի եւ սաքսոֆոնահար Չարլի Փարկերի ազդեցութեան տակ միացած է Ճեք Մաքտաֆի խումբին։



 


  « Ետդարձ դէպի նիւթերու ցանկ

 


Մշակոյթ

եւ

ընկերակցութիըն

10/11/2009 16.24.55
Լուրեր հայկական կեանքէն


08/11/2009 14.17.55
Լուրեր հայկական կեանքէն`


07/11/2009 14.16.03
Հայկական եկեղեցւոյ օծում՝ Կայսերիի մէջ


06/11/2009 13.41.22
Էջ կը հայ երաժշտութենէն

Այսօր պիտի խօսինք Հայ երաժշտութեան մեծագոյն երախտաւոր Պապա Համբարձումի մասին։


05/11/2009 13.39.45
Լուրեր հայկական կեանքէն`



Առընչաքից դասակարգեր


Նախորդ
  էջ  Նախորդ էջ
Սկզբնաէջը  Սկզբնաէջը
Գրէ'
  խմբագրութեան  Գրէ' խմբագրութեան
top
top
All the contents on this site are copyrighted ©. Webmaster / Credits / Legal Conditions
top
top